Անթիլիասի մէջ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Ուխտին ճամբով՝ Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնը մատուցած եւ առ յաւէտ բաժնուած երջանկայիշատակ հայրապետներուն ու հոգելոյս միաբան հայրերուն: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Դպրեվանքի ուսանողներէ եւ միաբան հայրերէ կազմուած Հայրապետական թափօրը, ժողովուրդին ընկերակցութեամբ, առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ը, ուր ամփոփուած են Անթիլիասական շրջանին գահակալած հայրապետներուն եւ ծառայած միաբաններուն աճիւնները: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Այս մասին կը կարդանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն, որ նաեւ կը գրէ, թէ հոգեհանգստեան այս պաշտօնը առիթ հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներուն՝ յիշելու իրենց նախնիները, վերանորոգ թափով շարունակելու անոնց ազգային առաքելութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու անոնց աստուածադրոշմ կտակին: