image
Հրատապ լուրեր:

Անշեղօրէն պահպանենք ՌԱԿ-ի ազգային դաւանանքը. (Տեսակէտ)

Անշեղօրէն պահպանենք ՌԱԿ-ի ազգային դաւանանքը. (Տեսակէտ)

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն` Գէորգ Հալէպլեան օրերս «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղած է հետեւեալ գրութիւնը։

 

 

  Յանուն պատմական ճշմարտութեան եւ անզիջող պայքարի ոգիով կառչած մնալու մեր ազգային-քաղաքական սկզբունքներուն, եւ վերաիմաստաւորելով ՌԱԿ-ի ցուցաբերած անցած տասնամեակներու անժխտելի՝ իմաստուն, խոհեմ եւ իրատեսական քաղաքական վարքագիծը, եւ մանաւանդ ի տես մերօրեայ մեր ազգին եւ պետականութեան անվտանգութեան եւ գոյութեան սպառնացող թուրք-ազրպէյճանական նորագոյն ոտնձգութեան, պիտի ուզէինք մեր ընթերցողին ներկայացնել պատմութեան ոչ վաղ անցեալէն եկող կարեւոր փաստաթուղթ մը, իր այժմէականութիւնը եւ հրատապութիւնը անառարկելիօրէն խիստ կարեւոր նկատելով, որ գրուած է 28 Յունուար, 1957-ին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ՝ ուղղուած ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն որոշ յապաւումներով։

«ՌԱԿ-ը եւ Հայկական «Ներքին Հողային» Հարցը»

 «Միջազգային ներկայ կացութիւնը դժբախտաբար ձեռնտու չէ Թրքահայ Դատի շուտափոյթ լուծման համար։ Մեր բոլորին ծանօթ են դժբախտութեան պատճառները, եւ հոս տեղը չէ այդ մասին մեկնաբանելու։ Կարեւորը այն է հիմա, որ մենք տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն եւ աչալուրջ ըլլանք որպէսզի երբ յարմար պահը հասնի, կարենանք ազդու կերպով հետապնդել մեր դատը։ Մինչ այդ սակայն, ներկայիս լուրջ արգելքներ չկան որ լուծուի այսպէս կոչուած Ներքին Հողերու Հարցը, որ կը նշանակէ Ղարաբաղի, Նախիջեւանի եւ Ախալքալաքի շրջաններուն կցումը Սովետական Հայաստանին։Հայ ժողովուրդին համար կենսական այս խնդիրը Սովետական Միութենէն ներս կ՚ենթադրէ սահմաններու սրբագրում, դաշնակցային Անդրկովկասեան հանրապետութիւններու միջեւ սահմանային ճշդումներ, հովանաւորութեամբ եւ իրաւարարութեամբ Մոսկուայի կեդրոնական կառավարութեան։Իրականութեան մէջ զարմանալի է որ սահմանային այս անհրաժեշտ սրբագրութիւնը ցարդ չէ կատարուած։ Ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան սկզբունքը անընդհատ ջատագովող սովետական կառավարութենէն կ՚ակնկալուէր, որ անցնող երեսունվեց տարիներու, բայց մանաւանդ անցնող վերջին տասնամեակի ընթացքին լուծէր «վիճելի» (Սթալին) խնդիրը։

  Թէ Հայկական Հանրապետութեան եւ Անդրկովկասի իր դրացի հանրապետութիւններուն միջեւ ՎԻՃԵԼԻ հողային հարցեր կան, այդ մասին տարակոյս չի կրնար ըլլալ։ Նոյնինքն Սթալին տակաւին 1920, Դեկտեմբեր 4-ին իր ստորագրած յօդուածով «ՓՐԱՒՏԱ»-ի մէջ, կ՚ընդունի թէ Նախիջեւանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը «ՎԻՃԵԼԻ ԳԱՒԱՌՆԵՐ» են Ս. Հայաստանի եւ Ս. Ազրպէյճանի միջեւ։ Կարեւոր է շեշտել թէ ինչ որ ՎԻՃԵԼԻ դարձած էր քաղաքական դէպքերու բերումով, իրականութեան մէջ բնաւ ՎԻՃԵԼԻ չէր կրնար ըլլալ, այսինքն, ԱՆՎԻՃԵԼԻ է որ Լեռնային Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Ախալքալաքը ՀԱՅԿԱԿԱՆ են, եւ խելքը գլուխը որեւէ մարդ պիտի չհամարձակի հակառակը պնդել։Արդ, այս ուղղութեամբ պերճախօս են պատմական եւ ազգագրական տուեալները։ Անդրկովկասեան գոյավիճակի անարդարութիւնները յաւերժացնելու արդարացումներ չեն կրնար գտնուիլ այլեւս։ Երբ Բերիաներու եւ Պակիրովներու քմահաճ կարգադրութիւններուն շրջանը փակուած է ընդմիշտ, ուրեմն Մոսկուայի վրայ պարտականութիւն կ՚իյնայ բառնալ Անդրկովկասեան սահմանային անարդարութիւնները, եւ հայ ժողովուրդին վերադարձնել իր պատմական անվիճելի իրաւունքները։ Ո՛չ Մոսկուայի կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ Երեւան ներկայիս որեւէ պատճառ ունին յաւերժացնելու անարդարութիւնները։ Սովետական Միութիւն եւ Թուրքիա նոյնիսկ չունին բարեկամական դաշինք, որ կաշկանդէր Մոսկուայի շարժումները։ Եւ ինչ որ ճիշդ է, այսինքն «ՎԻՃԵԼԻ ԳԱՒԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ», Սովետական Ազրպէյճանը պէտք է «յօժարակամ հրաժարի» «վիճելի գաւառներից» եւ Լեռնային Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը յանձնէ Ս. Հայաստանին, անոնց իսկական տիրոջը»։

 

 Գէորգ Հալէպլեան