image

Աննախադէպ վիճակ. Լիբանան զրկուեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ քուէարկելու իր իրաւունքէն

Աննախադէպ  վիճակ. Լիբանան զրկուեցաւ  ՄԱԿ-ի մէջ քուէարկելու իր  իրաւունքէն

Լիբանանի  պատմութեան  մէջ  առաջին անգամ  ըլլալով  երկիրը  կը զրկուի ՄԱԿ-ի մէջ     կատարուելիք քուէարկութեան իրաւունքէն։

Այս  մասին   լուրը  հաղորդեց   լիբանանեան    VDL կայանը  նշելով, որ    եղածը  աննախընթաց  կը համարուի, այն  իմաստով, որ Լիբանան      այդ  կարեւոր համարուած իրաւասութիւններէն պիտի զրկուի`  իր վրայ եղած  նիւթական   պարտաւորութիւնները  չկատարելու   հետեւանքով։

Այսպէս   Լիբանան, որ կը համարուի  ՄԱԿ-ի հիմնադիր   երկիրներէն մին,    պիտի դասուի   Կեդրոնական Ափրիկէի,  Լէսոթոյի եւ  Եմէնի   շարքին   դառնալով ՄԱԿ-ի մէջ    քուէարկելու իրաւունքէն  զրկուած  երկիր մը։

Շեշտենք,  որ Լիբանանի  մէջ  տնտեսական   առկայ   տագնապը   ծանրացած էր   անցնող հոկտեմբերէն   սկսեալ  եւ այսօր  այդ  իմաստով երկիրը մտած է  անկանխատեսելի եւ ծանր հետեւանքներով   մեծ  անորոշութիւններու     փուլ մը։