image
Հրատապ լուրեր:

Անիի Տիգրան Հոնենց Եկեղեցին Դարձեալ Լուասարձակի Տակ

Անիի Տիգրան Հոնենց Եկեղեցին Դարձեալ Լուասարձակի Տակ

Քանդակագործութեան ազգային թանգարանը Արեւմտահայաստանի պատմական մայրաքաղաքներէն Անիի մէջ գտնուող  Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ պատկանելութեան վիճարկման եւ դերի վերկանգնման հարցով ստորագրահաւաք նախաձեռնած է: Ստորագրահաւաքի առիթ տուողը եղած է եկեղեցւոյ կողքին տեղադրուած  ցուցանակը, ուր արձանագրուած գրութեան մէջ կը խօսուի եկեղեցւոյ վրացական պատկանելութեան մասին: Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժառանգութեան համաձայնագրի յանձնախումբին եւ համայն աշխարհի մտաւորականութեան ուղղուած նամակին մէջ նշուած է, որ Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ հայկական պատկանելիութեան վառ ապացոյցը կը հանդիսանայ անոր պատերուն գծուած Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի տանջանքները պատկերող որմնանկարները:

 


Ստորագրահաւաքը նախաձեռնողները համապատասխան թրքական կառոյցներէն կը պահանջեն եկեղեցւոյ պատմական պատկանելիութեան շուրջ սխալ յայտարարութիւններ հրապարակելէ առաջ այնտեղ տեղադրուած ցուցանակին մէջ նշել, որ Տիգրան Հոնենցը հայկական  եկեղեցի է: Ստրագրահաւաքի գրութեան մէջ կը պահանջուի նաեւ, որ այս փուլով չամփոփուի եկեղեցւոյ գմբէթի շինարարութիւնը եւ յայտարութեամբ հանդէս գալ այնտեղ իրականացուելիք յետագայ աշխատանքներու ընթացքին ու նպատակներու մասին, ինչպէս նաեւ զերծ մնալ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային հակամարտութիւններու հրահրումէն:

Նշենք, որ Անիի Տիգրան Հոնենց եկեղեցին կառուցուած է Տիգրան անունով հարուստ առեւտրականի մը կողմէ եւ կը կրէ իր անունը։ Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը աւարտուած է 1250թ.ին։

 

Ստորագրահաւաքին կարելի է միանալ հետեւեալ  յղումով՝ Change.org