image

Անգարայի պայթումը կատարուած է PKK -ի կողմէ. Daily Sabah

Անգարայի պայթումը  կատարուած է PKK -ի  կողմէ. Daily Sabah

Անգարա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- ԹուրքիոյԱռողջապահութեան նախարարի յայտարարութեամբ, Առնուազն 34 մարդ՝ զոհուած  եւ 125 վիրաւորուած են, Կիրակի օր Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Քըզըլայ  թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տայլի Սապահ» նշելով, որ քաղաքի կեդրոնը գտնուող խճողուած կանգառներէն մէկուն մէջ, երկու հանրային կառքերու միջեւ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած էր, պատճառ դառնալով մեծ թիւով փոխադրամիջոցներու եւ հանրակառքերու ամբողջական հրկիզման: Պաշտօնական  մարմիններու յայտարարութեամբ աւելի ուշ նշուած է, որ հետաքննութեան նախնական արդիւնքները վկայած են, որ յարձակումը իրականացուած է PKK-ի  կամ անոր ենթակայ կազմակերպութեան մը կողմէ: Ներքին գործոց նախարար Էֆքիան Ալա յայտնած է, թէ իշխանութիւնները այդ մասին ապացոյցներ ձեռքբերած են, սակայն պատասխանատուներու մասին յայտարարութիւն պիտի չկատարեն, մինչեւ հետաքննութեան աւարտը: Նշենք, որ կիրակի օրուան Անգարայի պայթումը  3-րդ յարձակումն է, որ կը կատարուի Թուրքիոյ մայրաքաքաղաքի վրայ, վերջին ամիսներու ընթացքին: Քըզըլայի հրապարակը կը ծառայէ որպէս քաղաքի գլխաւոր հրապարակ եւ փոխադրամիջոցային հիմնական վերջնակէտ եւ յայտնի է որպէս առեւտուրի եւ քաղաքի ժամանցային վայրերու գլխաւոր  կեդրոն: