Սուրիոյ շուրջ ընթացող խմորումները կը պարտադրեն նոր դաշինքներու ընթացակարգ մը: Այսպէս, սուրիական դաշնակցային պետութեան մը ստեղծման մասին եղած խօսքերէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու նախօրօք չյայտարարուած այցելութեամբ մը կը շտապէր հասնիլ Թեհրան: Դիւանագիտական ոչ բարւոք յարաբերութիւններ ունեցող շրջանի երկու կարեւոր խաղացող- երկիրներու ղեկավարութիւնը արագօրէն կ'արձագանքէր Սուրիոյ բաժանման մասին եղած խօսքերուն եւ երկու կողմէն ալ Սուրիոյ միասնութեան մասին խօսքեր կը հնչէին: Այդ երբ է՞ր, որ մասնաւորապէս Անգարա մտահոգ ըլլար Սուրիան, որպէս ամբողջական երկիր մը տեսնելու միտումով: Եղածը անշուշտ յուզական մթնոլորտի մը մէջ եղած մօտեցում մը չէր, այլ գետնի վրայ եղող արագ զարգացումները կը ստիպէին Ահմատ Տաւութօղլուին «արտակարգ» զիջումներ ընել եւ Թեհրան երթալ իրանցի իր պաշտօնակիցներուն լսելի դարձնելու թրքական կողմի մտահոգութիւնները: Վարչապետ Տաւութօղլու, ինչպէս երէկ, այսօր եւս Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր «ճարտարապետ»ը ըլլալով այս քայլով կը հաստատէր բոլոր այն վարկածները, որ Թուրքիան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ սխալներ գործած է ու եկած է ժամանակը, որ ետքայլ մը ընելով առնուազն խօսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական յաղթանակ տարած նախագահ Ռուհանիին եւ անոր համախոհներուն հետ: Ուշագրաւ է նաեւ, որ իրանեան կողմը շատ դրական ընդունելութեամբ մը կ'արձագանքէր եւ բարձր մակարդակէ հնչած յայտարարութեամբ մը կը վստահեցնէր, թէ իրենց համար եւս Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը անքննարկելի է: Իրօք, ինչքանով ճիշդ են Սուրիոյ մէջ դաշնային պետութիւն մը ստեղծելու մասին խօսքերը: Եւ եթէ այդպիսի բան կայ Մոսկուա- Ուաշինկթըն «ճամբորդող» թղթապանակներուն մէջ, ապա ինչքա՞ն ազդու պիտի ըլլայ Անգարա – Թեհրան միացեալ վէթոն: Գաղտնիք չէ, որ այսօր Անգարայի համար ամէնէն կարեւորը քրտական պետութիւն մը ստեղծելու առջեւ ճանապարհ փակելն է: Ու այս հաշուարկով այսօր քիւրտերն են, որ կը միացնեն Անգարան եւ Թեհրանը: Այս միացման յենակէտին մէջ արդեօ՞ք քրտական ազդակը օգտակար պիտի ըլլայ, որ երկու կողմերը նոր առաջարկ մը ընելով շրջանցեն յատկապէս Սիւննի աշխարհին մօտ եղող «Պաշշար Ասատի բարդոյթը»: Ամէն պարագայի այս հարցադրումներու պատասխանները ժամանակի կը կարօտին, ու ճիշդ չէ սեղանին վրայ դրուելիք բոլոր խաղաքարտերը նոյնացնել: Սուրիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունի նոր իրավիճակ մը, որուն հիմնական կերտիչը ո՛չ Րիատը , ո՛չ Թեհրանը եւ ո՛չ ալ Անգարան են: Բոլոր աչքերը պէտք է ուղղուին դէպի Մոսկուա, որուն գլխաւոր դաշնակիցը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու անոր իշխանական բոլոր լծակներն են: Մոսկուա զիջելու հարց չունի, իսկ քրտական գործօնը, ինչպէս երէկ, այսօր եւս գերտէրութեանց տարբեր հաշուարկներու մէկ չնչին օրակարգն է: