image
Հրատապ լուրեր:

Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» Հատորի Շնորհահանդէսը

Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» Հատորի Շնորհահանդէսը

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս, Հայկական Սփիւռքի ուսանողութեան կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի պիտի ունենայ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» հատորի շնորհահանդէսը: Հատորը պիտի ներկայացուի լիբանանահայ մտաւորական տիար Ժիրայր Դանիէլեանի կողմէ:

Նշենք, որ Տագէսեան Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքահայութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէնն է, ինչպէս նաեւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղարը: