«Ամուլսարն առանց հանքի» նախաձեռնութիւնը երէկ Երեւանի տարբեր անկիւններէն կազմակերպած էր քայլերթ դէպի Ազատութեան հրապարակ։ Երթի պահանջը մէկն էր՝ Ամուլսարի հանքը պիտի չշահագործուի։
Ջերմուկէն աինքնաշարժի երթով մասնակիցները եւս միացած էին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող երթին։ Քաղաքացիները մինչեւ 20 սեպտեմբեր պիտի սպասեն կառավարութեան յայտարարութեան։
«Ամուլսարն առանց հանքի» նախաձեռնութեան անդամները Ազատութեան հրապարակէն ներկայացուցած են իրենց պահանջները։ Անոնք են՝
- Դադրեցնել ժողովրդական պահանջի անտեսումը:
- Ուժը կորսնցուցած ճանչնալ «Լիտիան» ընկերութեան ՇՄԱԳ-ը:
- Ուսումնասիրել նախորդ իշխանութիւններու օրօք տրուած կասկածելի թոյլտւութեան մանրամասները, բացայայտել այս գործով բոլոր յանցանքներն ու կաշառակերութեան դէպքերը
- Պահանջել «Լիտիան» ընկերութենէն դուրս բերել Ամուլսարի տարածքին մնացած շինարարական սարքերը, վերականգնել լերան արդէն հասցուած վնասները: