Ռուսաստանեան Commersant պարբերականը հրապարակած է Բաւել Թարասինքոյի եւ Եկատերինա Մարիեւայի «Դիւանագիտական բծախնդիր քիմիագիտութիւն» խորագրով յօդուածը, ուր անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ կայանալիք ՄԱԿ-ի յառաջիկայ համագումարին:
Յօդուածին մէջ նշուած է, թէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր ՄԱԿ-ի կողմէ պիտի քննարկուի Սուրիոյ մօտ քիմիական զէնքեր մնացած ըլլալու հաւանականութիւնը, որոնցմէ ձերբազատուած ըլլալու մասին յայտարարուած էր 2014 թուականին:
Յօդուածագիրներուն համաձայն, նման խնդրի կարեւորութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ Reuters եւ AP լրատուական գործակալութիւնները վերջերս փոխանցելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններընշած էին, որ Սպիտակ Տունը կը կասկածի, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնները կրնան քիմիական զէնքերու նոր տեսականի արտադրել, խախտելով իրենց ստանձնած պարտաւորուածութիւնը:
Կայքը փոխանցած է նաեւ Ռուսիոյ քաղաքագիտական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական Էլենա Սոպոնինայի խօսքը, ուր վերջինս շեշտած է, որ ԱՄՆ 2003 թուականին Իրաքի մէջ նոյնպէս սուտ պատճառաբանութիւններով առաջնորդուեցաւ, եւ բոլորին համար պարզ է, թէ ինչի կը ձգտի հասնիլ ան:
«Մոսկուա կը գիտակցի, որ Դամասկոսի դէմ ուղղուած մեղադրանքները կրնան ամերիկեան նոր գործողութիւններու հիմք հանդիսանալ, հետեւաբար ՄԱԿ-ի մէջ իր գործունէութեամբ կը ձգտի կանխել դէպքերու բացասական ընթացքը»,- յայտնած է ռուս քաղաքագէտը: