image

Ամերիկեան Բանտերուն Մէջ Ամէնաքիչը Սուրիահայերն Են. Պետրոս Հաճեան

Ամերիկեան  Բանտերուն Մէջ Ամէնաքիչը Սուրիահայերն  Են. Պետրոս Հաճեան

«Աշխարհի մէջ ամենամեծ ցեղապաշտութիւնը կը տիրէ ամերիկեան բանտերուն մէջ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ ամերիկահայ ընկերային ծառայող, բանտային հովիւ Պետրոս Հաճեանը: Հաճեան, որ 1994-էն սկսեալ բանտի գլխաւոր տեսուչ նշանակուած է  ամերիկային ոստիկանութեան կողմէ, նախապէս գործ ունեցած է միայն հայ բանտարկեալներու հետ, իսկ  ներկայիս ան կ'այցելէ 11 բանտեր եւ կ'առնչուի բոլոր բանտարկեալներուն:  Հայ բանատարկեալներու քանակի մասին տեղեկութիւն փոխանցելով, ան յիշեց, որ «Լոս Անճըլըս Թայմզ»ի մէջ 1998-ին գրուած եղած է, որ 7000 հայ բանտարկեալներ եղած են միայն Լոս Անճըլըսի շրջանին մէջ  յաւելելով, որ ներկայի տուեալներէն տեղեակ չէ, սակայն հազարաւոր, նոյնիսկ 10 000  հայ բանտարկեալներուն   մասին կը վկայեն Լոս Անճըլըսի դատարաններուն մէջ երեւացող բազմահազար հայերու ներկայութիւնը, եւ հերքելով հայկական համայնքի այս մասին   հաղորդումները ըսաւ.

«Եկեղեցականները  անհիմն  լուրեր կը տարածեն, որ այդպիսի թիւեր չկան, բայց իմ աչքս աւելի լաւ կը տեսնէ, եւ տեղեկութիւններս աւելի ճիշդ են, որովհետեւ ամէն օր այդտեղ եմ»: Ան յայտնեց, որ եկեղեցին նման քաղաքականութիւն կը մշակէ, դուրս գալու համար իրրմէ ակնկալուած մեծ պարտականութենէն, որորվհետեւ ան միայն անունով տէր կը կանգնի համայքին, իսկ գործնական գետնի վրայ, ինչպէս կ'ըսէ, լքած է համայնքը` առանց որեւէ հոգատարութեան: Հայ բանտարկեալներու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տալով` Հաճեան  փոխանցեց, որ սխալ համոզմունք մը եղած է հայ շրջանակէն ներս, որ ազգութեամբ հայ բանտարկեալներու մեծամասնութիւնը հայաստանցիներ են, «Սակայն այդպէս չէ»,- ըսաւ ան, յայտնելով, որ հայ բանտարկեալներու թիւի մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն պարսկահայերը, հիմնականին  մէջ  թմրանիւթ օգտագործելնուն համար, կան նաեւ մեծ թիւով լիբանանահայեր եւ ամերիկահայեր: Հաճեան այս առումով տեղին համարեց նշել, որ ամենաքիչ տոկոսը կը կազմեն սուրիահայերը: «Սուրիահայերու թիւը ամերիկեան բանտերէն  ներս 3-4 անձը չի գերազանցեր»:  Ան նշեց նաեւ, որ հայ բանտարկեալները ընդհանրապէս կը դատուին «White color crime»ի ծիրէն ներս, այսինքն  թմրանիւթ օգտագործելու, գողութեան, իրենց կինը  ծեծելու, կամ անձը վկայող փաստաթուղթեր կեղծելու յանցանքով:

Այնուհետեւ, խօսելով իր պարտաւորութիւններու մասին, որպէս բանտի հոգեւոր տեսուչ, ան նշեց, որ իր պարտականութիւնն է բանտարկեալներուն հոգեւոր խորհուրդ տալ եւ կեանքէն շեղուածներուն շարունակաբար ուղղութիին տալով վերադարձնել դէպի կեանքի ուղիղ ճամբայ, որովհետեւ բանտի մէջ անոնք մեկուսացած են: Հաճեան նշեց, որ նման վերաբերմունքը ամերիկեան կառավարութեան կողմէ եղած դրուածք  է, որ միտուած է բանտարկեալները իրարմէ զատելով «անջատելով իշխել» եւ ցեղապաշտութիւն սերմանելու քաղաքականութիւն վարել, ուր սեւամորթները, մէքսիքացիները, ամերիկացիները եւ այլք իրաւունք չունին նոյն սեղանը նստելու, նոյն հեռաձայնները օգտագործելու, իրար հետ շաղուելու եւ այլն: Այս ուղղութեամբ ան նաեւ  աւելցուց, թէ  իր աշխատանքը    եւ ճիգը  որոշ դրական  արդիւնք կու տան, եւ բանտարկեալներէն  շատեր կը վերադառնան իրենց մարդկային խիղճին:

Պատասխանելով «Արեւելք»ի  այն հարցին, թէ ընդհանարապէս Հայ եկեղեցւոյ հետ համագործակցա՞ծ է բանտարկեալներու հարցերու վերաբերեալ, Հաճեան յայտնած է, որ  մէկ-երկու հանդիպումներ կայացած են իրենց միջեւ, սակայն եկեղեցին իր հովիւներէն երկու անձ նշանակած է այդ գործերով զբաղուելու համար, որոնցմէ մին  բանտին մէջ սխալ արարքներ գործելուն  համար դուրս դրուած է եւ նշած է, որ հիմա ընդհանրապէս չի գործակցիր եկեղեցւոյ հետ, սակայն համայնքի անդամները որեւէ խնդրի ժամանակ   կը  դիմեն իրեն, եւ ինք կը փորձէ  ամէն գնով  օգտակար   ըլլալ  անոնց:

Զրոյցի աւարտին Հաճեան, ուզելով ուշադրութեան հրաւիրել գաղափարի մը վրայ, ըսաւ. «Իմ  կարծիքով   այսքան  մեծաթիւ  հայ բանտարկեալներու գոյութիւնը եւ յանցագործ դառնալը ցեղասպանութեան ծրագրի շարունակութիւնն է ԱՄՆ-իկողմէ, որ կը պայմանաւորուի   Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հայաստանցիներուն ճանապարհ բանալը դէպի Ամերիկա, որ համազօր է «Սպիտակ ցեղասպանութեան»   մօտեցումին»-, ըսաւ Հաճեան  մեկնաբանելով, որ Ամերիկայի   գլխաւոր նպատակը  եղած է հայ ազգը ձուլելը: «Հայերը Ամերիկա փութացին առանց  գիտնալու, թէ ուր կու գան, կորսնցնելով իրենց ինքնութիւնն ու էութիւնը կարծելով որ դրախտ  կու գան, ենթարկուելով  «cultural shock»-ի»: Պետրոս Հաճեան  յայտնեց, որ այսօր Հայաստանի կառավարութիւնն  եւ անոր խորհրդատուները տակաւին չեն կրցած վերլուծել, թէ ինչ կը կատարուի մեր ազգին հետ: «Մեր ազգը գլուխ չունի, ո'չ սփիւռքի, ո'չ ալ` Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան, մեկնաբանելով, որ այս պատահածները նախապատրաստուած ծրագիրներ են, եւ եթէ հայերը չգիտակցին եւ առաջքը չառնեն եւ բաւարարուին միայն Ապրիլ 24-ին  ցոյցեր կազմակերպելով՝ տեղ պիտի չհասնինք, եւ եզրափակելով  խօսքը ըսաւ. «Տխուր փաստ է, որ այսօր կան հազարաւոր հայ երիտասարդներ, որոնք Ամերիկայի  բանտերու մէջ են, եւ որոնք կրնային Հայաստանի բանակին մէջ ըլլալ եւ մեր երկիրը  պաշտպանել»: