ՀՀ կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ ազգութեամբ հայ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Ռ.Ք.-ն 2017 թուականի Սեպտեմբերին «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին մէջ արձանագրուած է «Martin Avagyan» օգտատիրոջ կեղծ տուեալներով անհատական էջը, որու միջոցով հրապարակած է նիւթեր` «Մարտիկներ յանուն արդարութեան» անուանմամբ խմբաւորում ձեւաւորելու, խմբաւորման գործունէութեան մարտավարութեան, անոր անդամներու կարգապահութեան, անվտանգութեան եւ գաղտնապահութեան կանոններու մասին: Նոյն ժամանակահատուածին նշուած անհատական էջի միջոցով տարածուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ եւ այլ պաշտօնատար անձերու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու, պայթիւններ, հրկիզումներ իրականացնելու եւ այդ եղանակով համընդհանուր վախի մթնոլորտ ձեւաւորելու ուղղակի կոչեր:
Ձեռք բերուած նախնական տուեալներուն համաձայն` Ռ.Ք.-ն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու, բնակչութեան ահաբեկելու, վախի մթնոլորտ ձեւաւորելու, պետական իշխանութեան մարմիններու վրայ ապօրինի ճնշում գործադրելու նպատակով ՀՀ իրաւապահ մարմիններու, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնատար անձերու մահուան կամ ծանր մարմնական վնասուածքներ պատճառելուն, նշուած հետեւանքներու իրական սպառնալիքներ ստեղծելուն ուղղուած հրկիզումներ, պայթիւններ եւ հանրավտանգ այլ գործողութիւններ իրականացնելու համար մարդիկ հաւաքագրելով փորձած է ստեղծել յանցաւոր համագործակցութիւն` ատոր մասնակից դարձնելով ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս բնակող ազգութեամբ հայ քաղաքացիներ:
Բացի այդ, ձեռք բերուած ապացոյցներով հիմնաւորուած է, որ նոյն անձը խորհուրդներով, ցուցումներով, ինչպէս նաեւ միջոցներ տրամադրելով նախապատրաստած է յանցակիցներու միջոցով ՀՀ տարածքին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու իրականացում:
Դէպքի առթիւ ՀՀ կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ որոշում կայացուած է նշուած անձին` անոր կողմէ կատարուած ենթադրեալ յանցագործութեան` յանցաւոր համագործակցութիւն ստեղծելու փորձի եւ ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան համար ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 34-223-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ 35-217-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին, դատարանի որոշմամբ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը եւ յայտարարուած հետախուզում:
Նկատի ունենալով, որ մեղադրեալը կը հանդիսանայ ԱՄՆ քաղաքացի, կը բնակի ԱՄՆ, պարզուած է անոր բնակութեան վայրը, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ նշուած տուեալները փոխանցուած են ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն` նախապատրաստուող յանցագործութիւնները կանխելու նպատակով:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու կողմէ կը ձեռնարկուին միջոցներ Հայաստանի մէջ գտնուող Ռ.Ք.-ի յանցակիցները պարզելու եւ յայտնաբերելու ուղղութեամբ։