Ալպանիա- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Թիրանայի դատարանը երեքշաբթի օր 18 տարի բանտարկութեամբ դատապարտած է 9 ալպանացիներ, որոնց շարքին 3 ծայրայեղական իմամներ, որոնք մեղադրուած են ճիհատիներ անդամագրելու եւ Սուրիա ուղարկելու մեղադրանքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով, որ սա առաջին նմանատիպ դատավարութիւնն է Ալպանիոյ մէջ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ամբաստանեալներու յանցանքները եղած են ահաբեկչական նպատակներով ճիհատիներ քաջալերելն ու անդամագրելը, ահաբեկչութիւն քարոզելը, զայն ֆինանսաւորելն ու ատելութիւն սերմանելը: Աղբիւրի համաձայն, 3 իմամները դատապարտուած են 18-17 տարուան ազատազրկման, իսկ մնացեալ 6-ը դատապարտուած են 6-17 տարի բանտարկութեան:
Ինչպէս կը նշէ «France press»ը, յանցագործները իրենց դատավճիռը արտասանուելու ժամանակ ճաղերու ետեւէն սկսած են «Ալլահու Աքպար» եւ «պատիժ դաւաճաններուն»կոչեր ընել, մինչ իրենց ազգականները, որոնք ներկայ եղած էին դատավարութեան, «անարդար» կոչած են դատարանի որոշումը եւ պայթուցիկներ արձակած են դատարնէն ներս:
Իրենց հերթին, դատախազները յայտարարած են, որ այս խումբը 70 մարդ ուղարկած է Սուրիա, պայքարելու ՄԱԿ-ի կողմէ ահաբեկչական նկատուած խումբերու կողքին: Կամաւորներու անդամագրումը կատարած են յատկապէս մզկիթէն ներս, աղօթքի ժամերուն:
Ալպանիոյ իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ 100-120 ալպանացի 2012-2014 շրջանին միացած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ճիհատական շարժումներուն, նշելով, որ 15 ալպանացիներ սպանուած են, մինչ 30 կռուողներ վերադարձած են երկիր: