Պաղտատի հարաւը ականապատ ինքնաշարժ պայթած է, զոհուած է 32 անձ: Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով ոստիկանութեան եւ տեղական ԶԼՄ-ներու իր աղբիւրին:
Ըստ գործակալութեան տուեալներուն, պայթումին հետեւանքով 40 հոգի վիրաւորուած է: Պայթուցիկ նիւթերով լի ինքնաշարժը կայանուած եղած է մեծ թիւով կայանատեղիներ ունեցող տարածքի մէջ:
Տեղի ունեցած միջադէպին մասին մանարամասներ տակաւին յայտնի չեն: