image
Հրատապ լուրեր:

Ականանետեր եւ աւելի քան 300 Կրակոց՝ Սահմանի Դիրքապահներուն Վրայ

Ականանետեր եւ աւելի քան 300 Կրակոց՝ Սահմանի Դիրքապահներուն Վրայ

Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտութիւններու սահմանային գօտիին վրայ դարձեալ ոտնձգութիւններ տեղի ունեցած են Յունուար 20-ի գիշեր եւ 21-ի կանուխ առաւօտուն: Հակառակորդի կողմէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 300 կրակոց, տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ: Այս մասին յայտնած է ԼՂՀ  Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Նշած է նաեւ, որ սահմանագծի արեւելեան կողմը ատրպէյճանական զինուժի կողմէ կիրառուած է 82 միլիմեթրանոց ականանետ /2 արկ/: ՊԲ առաջապահ զօրամասերը իրենց հերթին առաջնագիծին վրայ կը շարունակեն լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել: