image

Ահմատ Տաւութօղլու Լիբանան Պիտի Այցելէ

Ահմատ Տաւութօղլու Լիբանան  Պիտի Այցելէ

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու  Լիբանան  պիտի այցելէ:  Տաւութօղլու այս մասին յայտարարած է  Պէյրութ տպագրուող «Ալ Մուսթաքպալ»  օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ:  Ան նաեւ յայտնած է, թէ  իր այցելութիւնը    տեղի պիտի ունենայ  ընդառաջալով Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամին  կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին: Տաւութօղլու նաեւ  ըսած է, թէ Լիբանանի բոլոր քաղաքական կողմերը իր երկրին  բարեկամներն են եւ իրենք պատրաստ են  կարեւոր   միջամտութիւններ կատարել օգնելու լիբանանցիներուն, որպէսզի կարողանան իրենց ներքին  հարցերը  կարգաւորել:  Տաւութօղլու   ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած     Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Ռուսիոյ եւ  լիբանանեան «Հըզպալլա»ի հասցէին,  նոյն հարցազրոյցին մէջ   իյնալով հակասութեան մը մէջ եւ   դրժելով այն խօսքը, որ  լիբանանեան բոլոր կողմերը իր երկրին բարեկամներն են: Նշենք, որ  այցելութեան  թուականին մասին տեղեկութիւն չի փոխանցուիր: