Լիբանանեան Middle East Airlines-ը յայտարարութիւն հրապարակած է, ուր կ'ըսուի. «Հաշուի առնելով վերջին շրջանին ԱՄՆ-ի եւ Սուրիոյ անվտանգութեան վիճակը, որպէս նախազգուշական միջոց, Հանրային աշխատանքներու եւ տեղափոխութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ, MEA ընկերութիւնը իր կարգ մը թռիչքներու ուղղութիւնը պիտի փոխէ, ինչի հետեւանքով պիտի փոխուի նաեւ մեկնումներու ժամանակները»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ թռիչքներու այս նոր վերադասաւորումը ուժի մէջ պիտի մնայ մինչեւ 13 ապրիլ 2018, որմէ ետք վերագնահատելով իրավիճակը, համապատասխան որոշում պիտի կայացուի:
Նոր ժամանակացուցակը պիտի ըլլայ ստորեւ նկարին մէջ երեւցած ձեւով:
