Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող ահաբեկիչ զինեալներ երէկ վար առած են Ռուսական կործանիչ մը: Այս մասին լուրը հաստատեց Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ կործանիչին իյնալէն ետք օդաչուն մարտի բռնուած է «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն հետ եւ սպաննուած:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ռուսական ուժեր պալիսթեան հրթիռներ նետած են այն շրջաններուն վրայ, ուրկէ արձակուած են օդանաւը վար առնող կրակները:Կը նշուի մասնաւորապէս Իտլիպի գիւղական Խան Ալ Սըպպոլ եւ Մահսարան շրջաններուն անունները, ուր նաեւ ռուսական ծովուժին կողմէ կատարուած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են քաղաքայիններ:
Այս առաջին անգամը չէ, որ ռուսական կործանիչ մը վար կ'առնուի Իտլիպի վերեւ եւ նմն դէպք մը գրանցուած էր 2016 թուականին: