Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը յայտնած է, որ երէկ, կիրակի օր, Աֆրինի դէմ ուղղուած թրքական հրթիռակոծման հետեւանքով վնասուած է Այն Տարայի պատմական տաճարը: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ Այն Տարայի տաճարը Երկաթէ դարուն կը վերագրուի, ուր պազալտեան հսկայական քարերու վրայ քանդակներու մնացորդներ ու որմնանկարներ պահպանուած են:
Համացանցի էջերուն տարածուած լուսանկարը ցոյց կու տայ, թէ տաճարին մէջ խոշոր փոս առաջացած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ, հրթիռակոծման հետեւանքով է:
Այս առթիւ, Սուրիոյ Հնագիտական իրերու եւ թանգարաններու գլխաւոր վարչութիւնը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է Այն Տարային վնաս հասցուցած թրքական յարձակումները, միաժամանա կոչ ուղղելով միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ համաշխարհային պատմական հարստութիւններով հետաքրքրուած բոլոր անհատներուն միջամտելու եւ դատապարտելու պատմական կառոյցներու թիրախաւորումը: