Իրանեան Յեղափոխութեան ղեկավարի խորհրդական Ալի Աքպար Ուիլայաթի ԱՄՆ-ի ու անոր դաշնակիցներուն ասպարէզ կարդալով յայտարարած է, որ Իրան ոչ մէկ կապ ունի Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի մէջ իրականացուող գործողութիւններուն հետ, միաժամանակ շեշտելով, որ առանց Իրանի աջակցութեան Դամասկոս, Պաղտատ ու Քաթար կրնային նուաճուիլ, իսկ ռուսական կողմը ոչինչ կրնար ընել: Այս մասին հաղորդած է «CNN» լրատուական ցանցը:
Ուիլայաթի անդրադարձած է նաեւ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլցիներու պայքարին, կարծիք յայտնելով, որ կողմերուն միջեւ հակամարտութեան հարթեցում իրականացնելու յոյսն անհետացած է:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ճգնաժամին, Ուիլայաթի պնդած է, որ առանց իրանեան աջակցութեան Սուրիոյ կառավարութիւնը քանի մը շաբթուան ընթացքին կը նուաճուէր, իսկ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումն այժմ Պաղտատ հասած կ'ըլլար:
Ուիլայաթի նաեւ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները Սուրիան մասնատելու ջանքեր գործադրելու մէջ, շեշտելով, որ վերջին տարիներուն անգամ Միջին Արեւելք անուանումը Արեւմտեան Ասիա անունով փոխարինուած է: