image

Աֆրինի հարցով Անգարա եւ Դամասկոս կը գործակցին. Bloomberg

Աֆրինի հարցով Անգարա եւ Դամասկոս կը գործակցին. Bloomberg

Ամերիկեան «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը փոխանցած է, որ Թուրքիա, Իրան, Ռուսիա եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը Աֆրինի մէջ միասնական պայքար կը մղեն, շեշտելով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին քրտական ուժերը սպառնալիք ստացած են, ուր կ'ըսուի, թէ վերջիններս պէտք է իրենց դիրքերը զիջին սուրիական բանակին, կամ պատրաստ ըլլան Անգարայի յարձակումներուն:

Այս առթիւ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու արտաքին յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը պատմած է, որ Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչները ռուսական Հմէյհէմ ռազմակայանին մէջ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպում ունեցած են անցեալ շաբաթ օր, ուր վերջիններս քիւրտ ներկայացուցիչներուն առաջարկած են Աֆրինի մէջ իրենց դիրքերը յանձնել, որպէսզի թրքական ուժերուն դէմ պաշտպանեն զիրենք, իսկ քրտական կողմի պատասխանը եղած է. «Մեր ժողովուրդը թուրք ջարդարարներէն փրկելով զիրենք սուրիացի ու իրանցի ջարդարարներուն չեն յանձներ»: