Շուշիի ազատագրումը Արցախեան ազատամարտի հայկական ռազմական ուժերու առաջին նշանակալից յաղթանակն էր, որ տեղի ունեցաւ 8 մայիսի 1992-ին Շուշիի մէջ՝ նախապէս ճշգրիտ կերպով սերտուած ռազմական ծրագրով: Շուշիի ազատագրմամբ Արցախեան շարժումը թեւակոխեց որակական նոր փուլ՝ վճռական բեկում մտցնելով պատերազին մէջ:
Մարտ-ապրիլ ամիսներուն՝ հետախուզական խումբերու ջանքերով հակառակորդի ուժերու տեղակայումը, դիրքերն ու քանակական տուեալները ճշգրտելէ ետք՝ գաղտնի պայմաններու մէջ կը մշակուի Շուշիի ազատագրման ծրագիրը՝ Արկադի Տեր-Թադեւոսեանի գլխաւորութեամբ, որ կը կոչուի «Հարսանիք Լեռներում»: Լ. Մարտիրոսովի յանձնարարութեամբ կը պատրաստուի Շուշիի տեղանքի մանրակերտը, որու վրայ հրամանատարները ճշգրտած էին իրենց գործողութիւններն ու ընթացիկ ուղղութիւնները: Ապա 4 ուղղութիւններով՝ Շուշի (արեւելեան) ուղղութիւն, հրամանատար` Ա. Կարապետեան, 26-ի (հիւսիսային) ուղղութիւն, հրամանատար՝ Վ. Չիթչյան, Լաչինի (հարավային) ուղղություն, հրամանատար՝ Սամուէլ Պապաեան, Քիոսալարի (հիւսիս-արեւմտեան) ուղղութիւն, հրամանատար՝ Սեյրան Օհանեան, պահեստազօրի հրամանատար՝ Յ. Յովհաննիսեան: Միաժամանակ եղած յարձակումներով մայիսի 8-ի գիշերը անոնք ձեռնամուխ կ'ըլլան գործողութեան իրականացման:
Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈւ) հրամանատար Արկադի Տեր-Թադեւոսեանը: Հրամանատարական կէտեր եղած են ժեներալ-մայոր Գուրգէն Տարիպալթաեանը, Սերժ Սարգսեանը, Ռ. Գզողեանը, Զորի Պալաեանը, կապը, բուժօգնութիւնը, հրետանային նախապատրաստութիւնը, ճարտարապետական ծառայութիւնը: Աշխատանքները համակարգած են՝ համապատասխանաբար Արթուր Փափազեանը, Վ. Մարութեանը, Լ. Մարտիրոսովը, Ռ. Աղաճանեանը, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ Օլեկ Եսայեանը, Գ. Պետրոսեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ ուրիշներ: ԻՊՈւ-ի շուրջ 1200 մարտիկներէ բաղկացած 4 յարձակողական եւ 1 պահեստազօրային խումբերը 8 մայիսի գիշերը միաժամանակ անցած են յարձակման:
Ռազմական գործողութեան ելքը կանխորոշուած էր արդէն 8 մայիսին, երբ Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու ստորաբաժանումները նպաստաւոր բնագիծեր գրաւած էին Շուշիի մատոյցներուն: Երեկոյեան տրուած դադարը հակառակորդին հնարաւորութիւն ընձեռած էր յատկացուած միջանցքով հեռանալ բերդաքաղաքէն:
Մայիսի 8-ին թշնամին ընդամէնը տարերային դիմադրութիւն ցոյց տուած էր: Կէսօրուան մօտ յարձակման անցած են հակառակորդի 1 ռազմական օդանաւ եւ ուղղաթիռներ, որոնք ռմբակոծած են հայկական ուժերու մարտաշարքերը, ինչպէս նաեւ Շուշին ու Ստեփանակերտը: Աւելի ուշ պարզուած է, որ այդ օդային յարձակման նպատակը Շուշիի մէջ թողուած զինապահեստները պայթեցնելն էր, այդպիսով ազրպէյճանցիները ուզած են կործանել ամբողջ քաղաքը, սակայ չեն յաջողած: Երեկոյեան ժամերուն արդէն հիմնական աւարտուած էր Շուշին «մաքրելու» գործողութիւնը եւ 9 մայիսին աւարտուած էր հինաւուրց հայկական բերդաքաղաքի ազատագրումը թշնամիէն:
Շուշիի ազատագրման մէջ մեծ մասնակցութիւն ունեցած են նաեւ շիրակցի ազատամարտիկները՝ «Կումայրի» եւ այլ ջոկատներու կազմով: Յատկապէս վճռորոշ ու հանգոյցային եղած է «Կումայրի» ջոկատի դերակատարութիւնը, որ մարտերուն մասնակցած է ամենադժուար պարագաներուն:
