image

6000 Սուրիացիներ խոյս տուած են Հալէպի գիւղերէն

6000 Սուրիացիներ խոյս տուած են Հալէպի գիւղերէն

Սուրիա- (Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Աւելի քան 6000 սուրիացի խաղաղ բնակիչներ խոյս տուած են հիւսիսային Հալէպի արուարձանէն, մեծամասնութեամբ՝ Մարէհ քաղաքէն, ուր վերջին օրերուն «Տահէշ» փորձած էր ներխուժել: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը արտօնած են անոնց իրենց հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու միջոցաւ անցնիլ դէպի Թալ Ռաֆհաթի եւ Աֆրինի շրջանները: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ գաղթականներու մեծ մասը կիներ եւ երեխաներ եղած են, որոնք կրցած են փախչիլ կազմակերպութեան կողմէ վերջին երկու օրերուն հիւսիսային Հալէպի արուրաձանի գրաւուած շրջաններէն:

Աղբիւրի համաձայն, Կազմակերպութիւնը ուրբաթ առաւօտ 5 կարեւոր գիւղեր գրաւելէն ետք, կը շարունակէ մարտեր վարել Մարէհի շուրջ  պատերազմող խմբաւորումներուն դէմ:

Կը նշուի նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ գործող միջազգային եւ բժշկական կազմակերպութիւնները մտահոգութիւն յայտնած են, անակնկալ յարձակման հետեւանքով 165 հազար փախստականներու ճակատագրի շուրջ, որոնք կախուած մնացած են մօտակայ բախումներու տարածքներուն եւ Թուրքիոյ փակ սահմաններուն միջեւ: