image
Հրատապ լուրեր:

290 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 8 307-ի

290 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 8 307-ի

Հայաստանի մէջ, 1 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 38 841 դէպք, որոնցմէ 29 557-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8 307 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 165 656 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 290 նոր դէպք եւ  560 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 749):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 83, 79, 68, 54, 73, 41 տարեկան տղամարդիկ եւ 60, 80, 69, 73 և 81 տարեկան կանայք:  Բացի 41 տարեկան տղամարդէն, մնացածն ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Այլ պատճառներով մահուան ելքերու թիւը 228 է: