Լոս Անճելըսի մէջ յառաջիկայ 24 Ապրիլին տեղի ունենալիք hանրահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 26 կազմակերպութիւններ։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ասպարէզ» պարբերականը:
Ըստ թերթին, ոչ-հասութաբեր, քաղաքացիական իրաւանց, աշխատաւորական, համայնքային եւ ուսանողական զանազան կազմակերպութիւններու ցուցաբերած այս աջակցութիւնը վստահաբար աւելի՛ ազդու պիտի դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման եւ վնասուց հատուցման պահանջը։ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը միայն հայկական հարց մը չէ եղած, այլ նաեւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ջատագովներու կողմէ առաջ մղուած է», կը յայտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային մարմինի անդամ իրաւաբան Ռաֆֆի Քասապեան, կարեւոր համարելով այս կազմակերպութեանց ցուցաբերած աջակցութիւնը։
Ապրիլ 24ին, կ.ե. ժամը 1ին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ կայանալիք հանրահաւաքին մասնակցող կազմակերպութիւններն են՝
– Ազգային AF3IRM կազմակերպութիւնը (ֆիլիփինուհիներու եւ կանանց իրաւանց պաշտպան)
– Ամերիկա-Յունական խորհուրդ
– Համահայկական ուսանողական միութիւն
– Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-Ամերիկեան միութիւն
– Ասորական տիեզերական դաշինքի Ամերիկաներու մասնաճիւղը
– Ասիա-Ամերիկացիներու կեդրոն
– Ստրկութեան եւ մաքսանենգութեան դէմ համախմբում
– Իրաքեան փոխանցման խմբակ
– «Ճաքարթա» շարժում
– Հրէական խաղաղութեան ձայն կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
– Հրէական համաշխարհային դէտ
– Քիւրտ-Ամերիկեան կրթական ընկերակցութիւն
– Հարաւային Քալիֆորնիոյ քր-տական համայնք
– Քրտական մարդկային իրաւանց խմբակ
– Հիւսիսային Ամերիկայի Քրտական ազգային խորհուրդ
– Իրաւագիտութեան «Լոյոլա» համալսարանի Իրաւագիտութեան հայ ուսանողներու միութիւն
– «Փեփըրտայն» համալսարանի Իրաւագիտութեան հայ ուսանողներու միութիւն
– Լոս Անճելըսի Ռոճավայի ա-ջակցութեան յանձնախումբ
– Սպասարկութեան պաշտօնեաներու միջազգային միութեան (SEIU) հիւանդապահներու թիւ 121 մարմին
– Հարաւարեւմտեան Ասիոյ հիւսիսային աֆրիքաններու միութեան (SWANA) Լոս Անճելըսի
մասնաճիւղ
– Փասատինայի ՄԱԿի միութիւն
– Աշխատակազմերու միութիւն (USW)
– Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութիւն (UTLA)
– Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Իրաւագիտութեան հայ ուսանողներու
միութիւն
– Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Իրաւագիտութեան հայ ուսանողներու միութիւն
– Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի Իրաւագիտութեան հայ ուսանողներու
միութիւն։