Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2017 թուականի առաջին կիսամեակին ծնած է 1083 երեխայ՝ 565 տղայ, 518 աղջիկ: Միայն 870 երեխայ ծնած է Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ:
Առաւելագոյն ծնունդներ շրջաններէն արձանագրուած է Մարտակերտի մէջ` 96 երեխայ:
Վեց ամիսներու ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած է 13 զոյգ երեխայի ծնունդ: