Վերջին ժամերուն «Քորոնա» վարակին հետեւանքով իրենց մահկանացուն կնքած են 2 պոլսահայ հայրենակիցներ, որոնցմէ մին հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքողն է՝ Յակոբ Հաւլուճեան, իսկ երկրորդ պարագան, որ մահացած է Նիւ Եորքի մէջ՝ Ազատուհի Սինանեանն է։
Կը նշուի նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ բարի անուն շահած Յակոբ Հաւլուճեան անմիջական կապ ունեցած է Հայաստանի հետ եւ ան տարբեր առիթներով նիւթական շօշափելի օժանդակութիւն տրամադրած է հայաստանցի հայրենակիցներու։ Հանգուցեալը, որոշ ժամանակ մը ապրած է Միացեալ Նահանգներ եւ վերջին տարիներուն վերադարձած է Պոլիս, ուր եւ զբաղուած է ելեքդրական դռներու եւ ահազանգային-ապահովական համակարգեր տեղադրելու ասպարէզով։
Այսպիսով «Քորոնա» վարակին հետեւանքով մահացած պոլսահայ մեր հայրենակիցներուն թիւը կը բարձրանայ ՝ 9-ի։
Նշենք, որ մեր ունեցած վերջին տուեալներով սփիւռքի տարածքին ամենաշատ կորուստներ ունեցած են ՝ Նիւ Եորքը, Թեհրանը, Պոլիսն։
Այս քաղաքներուն կը յաջորդէ Պէյրութը, ուր վարակին հետեւանքով մահացած են 3 լիբանանահայ հայրենակիցներ։