image

Հրանդ Տինքի սպաննութեան գործը խորհրդարան բերելու Փայլանի առաջարկը մերժուեցաւ

Հրանդ Տինքի սպաննութեան գործը խորհրդարան բերելու Փայլանի առաջարկը մերժուեցաւ

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին Հրանդ Տինքի սպանութեան գործը ուսումնասիրող յանձնաժողով հիմնելու առաջարկ ներկայացուցած է:

Ըստ «Ermenihaber.am»-ի՝ հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն անցած է 12 տարի, սակայն մինչ օրս անիկա ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած:

Փայլան իր առաջարկով յիշատակած է նաեւ Տինքի նկատմամբ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ (Թուրք ժողովուրդն ու Թուրքիոյ պետական կառոյցները վիրաւորելը) յօդուածով իրականացուած հետաքննութիւնները, որոնք Տինքը դարձուցին ազգայնականներու թիրախ:

«Հրանդ Տինքը «Ակօս» թերթի մէջ Սապիհա Կէոքչէնի մասին հրապարակած յօդուածէն (06.02.2004) ետք յայտնուեցաւ ազգայնամոլ շրջանակներու թիրախին մէջ: Յօդուածէն ետք, գլխաւոր շտապը յայտարարութիւն տարածեց, ապա Տինք կանչուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետարան ու «զգուշացուեցաւ»: Ատկէ ետք ալ Տինքի նկատմամբ 2005 Ապրիլ 16-ին քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի (թրքութիւնը վիրաւորելու) յատկանիշներով դատավարութիւն սկսաւ: Դատարանը դատավճիռ կայացուց (6 ամսուան ազատազրկում): Բարձրագոյն դատարանն ալ վճիռը հաստատեց՝ հակառակ մասնագիտական զեկոյցին ու դատախազի առարկութեան:

Այն գործընթացը, որ յանգեցուց անոր սպանութեան, կ՝ուղեկցուէր լրատւութեամբ անոր հայկական ինքնութիւնը ազգայնամոլական խումբերու թիրախը դարձնելով: «Թուրքերու թշնամի հայ» ու այլ պիտակաւորումներու միջոցով Տինքը իսկական թիրախ դարձուցին: Կառավարութիւնը չկանգնեցուց Տինքի թիրախաւորման գործընթացը, չքննադատեց լրատուամիջոցներու մէջ անոր դէմ կիրառուող ատելութեան լեզուն, ճիշդ հակառակը՝ կառավարութեան անդամները իրենց արտայայտութիւններով աւելի նպաստեցին անոր սպանութեան համար պայմաններ ստեղծուելուն»,- ըսած է հայ պատգամաւորը խորհրդարանին ներկայացուցած առաջարկին մէջ:

Փայլան նշած է, որ պետական մարմիններու տարբեր ներկայացուցիչներ տեղեկացուած եղած են Տինքի սպանութեան ծրագիրին մասին, սակայն ոչինչ ըրած են զայն կանխելու համար, դեռ աւելին՝ Տինքի մարդասպանը ձերբակալուելէ ու Սամսունի ոստիկանութիւն տեղափոխուելէն ետք ոստիկանութեան աշխատակիցներուն կողմէ «հերոս»-ի պէս ընդունուած է: Փայլան յիշեցուցած է, որ այդ մէկը ապացուցող լուսանկարները յայտնուած էին մամուլի մէջ:

«Անհրաժեշտ է, որ խորհրդարանը դէպքի պատասխանատուները բացայայտելուն աջակցելու, հանրային խիղճը հանգստացնելու ու այդպիսով նման ողբերգութիւնները կանխելու կամք ցուցաբերէ: Այդ պատճառով ալ կ'ուզենք եւ կը պահանջենք, որ խորհրդարանի մէջ ուսումնասիրող յանձնաժողով ստեղծուի»,- եզրափակած է Փայլան:

Առաջարկը դրուած է քուէարկութեան, սակայն մերժուած է կառավարող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) եւ անոր դաշնակից «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) քուէներով: