image
Հրատապ լուրեր:

Սադրանք մը եւս. Անծանօթներ հրդեհած են Սան Ֆրանսիսքոյի հայ կեդրոնը

Սադրանք մը եւս. Անծանօթներ  հրդեհած են   Սան Ֆրանսիսքոյի հայ կեդրոնը

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յառաջացուցած են՝ պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ։

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Լոս Անճելըս հրապարակուող «Ասպարէզ»ը։

Կը նշուի նաեւ, որ Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական համայնքի պատասխանատու մարմիններ  դիմած են տեղի օրինապահ մարմիններուն՝ բացայայտելու ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը:

 

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ անցնող յուլիսին յարձակած էին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյներով ներկելով անոնց արտաքին պատերը: