image

Սուրիահայ բարերարուհիին ուշագրաւ նախաձեռնութիւնը. Բժշկական սարքեր Հալէպին

Սուրիահայ բարերարուհիին ուշագրաւ նախաձեռնութիւնը. Բժշկական սարքեր Հալէպին

Բնիկ  սուրիացի եւ ներկայիս Գանատա  հաստատուած  հայուհի Ռանա  Գալբաքճին  օրերս  հանդէս  եկած է ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ։

Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։

Մեր  տուեալներով  հայուհին  նախաձեռնութիւն վերցուցած     է      մեծագումար  արժողութեամբ  բժշկական սարքեր առաքել  եւ  այդպիսով նպաստել    առհասարակ  Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ «Քորոնա»ի դէմ   տարուած  պայքարին  ուժեղացման։

Կը նշուի նաեւ, որ բարերարուհին այս նախաձեռնութիւնը  կը կատարէ ի յիշատակ   իր մեծ  հօր Ռէյմոն  Գալբաքճիին։