image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ մահացած է սփիւռքահայ նշանաւոր պատմաբան Գաբրիէլ Սուլթանեանը

Երեւանի մէջ մահացած է սփիւռքահայ նշանաւոր պատմաբան Գաբրիէլ Սուլթանեանը

 Երեւանի մէջ  մահացած է վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայ պատմաբան Գաբրիէլ Սուլթանեանը: Այդ մասին պաշտօնական մահախօսականով յայտնած են անոր ընտանիքի անդամները:

Գաբրիէլ Սուլթանեանը ծնած է 1929-ին՝ Կիպրոս: Սորված է Մելքոնեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ գործի բերումով մեկնած է Մանչեսթր եւ հիմնած թեքսթիլ արդիւնաբերութիւն: Հակառակ պիզնեսի մէջ ունեցած մեծ յաջողութիւններուն՝  Գաբրիէլ Սուլթանեանը թողած է ամէն ինչ եւ նուիրուած հայագիտութեանն ու հայոց պատմութեան: Մօտ տասը գիրքի հեղինակ է:

Պատմաբանի հոգեհանգստեան կարգն ու յուղարկաւորութիւնը կատարած են Հայաստանի մէջ: 19 Մարտին յիշատակի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մանչեսթրի հայկական եկեղեցւոյ մէջ: