Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն 1in.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան, ըստ որու՝ ինքը զարմացած է, թէ ինչու պատերազմի 3-րդ կամ 4-րդ օրը «Իսկանտար»-ը չէ կրակած:
Նուէր Մնացականեանը վարչապետէն հետաքրքրուած է՝ այդ ակնարկն իրեն ուղղուած է, վարչապետը ըսած է. «Այդ ակնարկը, գուցէ, հասցէագրուած է նաեւ ինձ, բայց կարծում եմ՝ մերժուածը պէտք է, որ բազմաթիւ հարցերի պատասխան իմանայ եւ չտայ հարցեր, որոնց պատասխանն ինքը գիտի: Իսկ գուցէ պատասխանե՞ն՝ ինչո՞ւ կրակած «Իսկանտար»-ը չի պայթել կամ պայթել է, օրինակ՝ 10 տոկոսով»:
Նուէր Մնացականեանը հետաքրքրուած է՝ այդպէ՞ս ալ կը պատահի, վարչապետը նշած է. «Չգիտեմ»:
Լրագրողը նկատած է՝ «հետաքրքիր նորութիւն էր»:
«80-ականների զէ՞նք էր գուցէ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: