5 Օգոստոսին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցագիր յղած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Նաիմ Աունին՝ իր խոր ցաւն արտայայտելով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթիւնի առնչութեամբ, որ պատճառ դարձաւ եօթանասունէն աւելի մարդկային անմեղ զոհերու, բազմաթիւ վիրաւորներու եւ աւերածութիւններու:
Նորին Սրբութիւնն իր վշտակցութիւնը փոխանցած է Լիբանանի պետական աւագանիին, անմեղ զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ Լիբանանի բարեկամ ողջ ժողովուրդին՝ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով պայթիւնէն տուժածներուն։
«Մեր մաղթանքն է, որ Լիբանանի աստուածասէր ժողովուրդը յաղթահարէ առկայ դժուարութիւնները եւ շարունակէ իր խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքի ընթացքը», - նշած է Վեհափառ Հայրապետը:
Նորին Սրբութիւն Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ՝ դժուարին այս պահին բերելով իր զօրակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին։
Հայոց Հովուապետն իր ցաւակցութիւնները ուղղած է Արամ Ա Կաթողիկոսին երեք հայորդիներու մահուան առիթով, հետաքրքրուած է պայթիւնի հետեւանքով Պէյրութի բնակչութեան, հայ համայնքին եւ կաթողիկոսարանին պատճառուած վնասներով։