image

Ինչպէ՞ս ԱՄՆ-ի հիւանդանոցները կը սպասարկեն «Քորոնա» ժահրով վարակուածները. Մասնագէտի պարզաբանումը

Ինչպէ՞ս ԱՄՆ-ի հիւանդանոցները կը սպասարկեն «Քորոնա» ժահրով վարակուածները. Մասնագէտի պարզաբանումը

«Prime Healthcare»  ընկերութեան  նախագահ, առողջապահական համակարգի ձեռներեց Մայք Սարեանն աշխատանքի բերումով տեղեակ է, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակով պայմանաւորուած  ինչ վիճակի մէջ է ԱՄՆ առողջապահական համակարգը: Անդրադառնալով «Prime Healthcare»  ընկերութեան ներքոյ գործող հիւանդանոցներուն, ան նշած է, որ ինչպէս ԱՄՆ-ի շատ հիւանդանոցներ, իրենց հիւանդանոցային ցանցը նոյնպէս շատ ծանրաբեռնուած է, ունին մեծ դիմելիութիւն, մարդիկ Covid-19-ի ախտանիշներով կամ երբեմն ալ առանց ախտանիշներու կը դիմեն՝  իրենց «Քորոնա» ժահր հաստատելու կամ հերքելու համար: Շատերն ալ հիւանդանոց կը հասնին «Շտապ օգնութեան» մեքենաներով, եւ ամերիկեան հիւանդանոցները, ըստ Մայք Սարեանի, չափազանց ծանրաբեռնուած են այս օրերուն:

Առողջապահական համակարգի գործիչը նշած է, որ հիմնական ախտանիշները, որով կը դիմեն՝ բարձր ջերմութիւնն ու շնչահեղձութիւնն է, սակայն «Քորոնա» ժահրը նոյն պահուն, ինչպէս նշած է, չի հաստատուիր եւ քանի մը օր կը տեւէ, մինչեւ բուժառուն, տարրալուծարանի արդիւնքները ստանալէ ետք, կը տեղեկանայ՝ կա՞յ իր մօտ ժահր,  թէ՞ ոչ:

Անդրադառնալով դիմողներու տարիքային խումբին, Մայք Սարեանը նշած է, որ հիւանդանոցներ կը դիմեն բոլոր տարիքի մարդիկ, բայց բարձր վտանգի մէջ, ինչպէս նշած է՝ 65 անց մարդիկ են: Քալիֆորնիա նահանգի 400 հիւանդանոցները գրեթէ լեցուն են, ըսած է Մայք Սարեանը, նշելով, որ նահանգային իշխանութիւնները կը քննարկեն հիւանդանոցային նոր հնարաւորութիւններ աւելցնելու  մասին: Ինչ կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն, Մայք Սարեանն ըսած է, որ ինչպէս աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, ԱՄՆ-ի մէջ նոյնպէս «Քորոնա» ժահրի բուժման դէմ որեւէ դեղամիջոց չի կիրառուիր, սիմպոմաթիք (կարեկցական) բուժում է, որ կը ստանան վարակակիրները: Ամբողջ աշխարհի պէս, ԱՄՆ-ի մէջ նոյնպէս,   ինչպէս նշած է, կը սպասեն Covid-19-ի դէմ պատուաստանիւթին: 

Ըստ անոր, ցաւօք, առաջիկայ օրերուն պիտի բարձրանայ վարակակիրներու թիւը, քանի որ ժահրը, ինչպէս յայտնի է, թաքնուած շրջան կ'ունենայ կամ կ'ընթանայ առանց ախտանշանի եւ քննուելէ ետք միայն յայտնի կը դառնայ վարակակիրի մասին:

Չուզելով խուճապ տարածել, Մայք Սարեան կը յորդորէ պատրաստ ըլլալ որեւէ սենարի, քանի որ ԱՄՆ-ի մէջ ներկայ ընթացքը կը տանի դէպի թիւերու  բարձրացում:  «Անշուշտ, դիւրին է պարագան այն մարդոց, որոնք ուղեկցող հիւանդութիւններ չունին եւ արագ կ'ապաքինուին ու տուն կ'երթան: Յաճախ երբ «Քորոնա» ժահրով վարակակիրը թեթեւ կը տանի,  պարզապէս կը յորդորեն տունը մնալ, եւ բուժումը կ'ընթանայ տան մէջ: Հիւանդանոցները հանգստեան վայրեր չեն, անոնք այս պահուն միայն լուրջ հիւանդներ պէտք է ընդունին»,- ըսած է Մայք Սարեանը:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը ցոյց տուաւ, որ շատ քիչ երկիրներու առողջապահական համակարգեր պատրաստ էին՝ դիմակայելու նման մեծ մաշտապի համաճարակին, ԱՄՆ առողջապահական համակարգը, ըլլալով գերտէրութեան համակարգ, նոյնպէս կաթուածահար է: Այդ մասին Մայք Սարեանը ըսած է հետեւեալը.

 


 

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, «Prime Healthcare»  ընկերութեան նախագահ, ամերիկահայ բարերար  ու առողջապահական համակարգի ձեռներեց Մայք Սարեանը վերջերս, «Քորոնա» ժահրի համաճարակով պայմանաւորուած,  թոքեր նկարելու ժամանակակից ու շարժական սարք նուիրած է Հայաստանին: