Ատրպէյճանի նախագահը հրապարակաւ չէ ըսած, որ կը ճանչնայ ՀՀ տարածքային աբողջականութիւնը 29.800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով, բայց եղած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը, ըստ որու՝ կողմերը կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը 29.800 եւ 86.600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքային ամբողջականութեամբ, եւ ատոր հերքում ատրպէյճանական կողմէն չէ եղած: Այդ մասին Ազգային Ժողովի պիւտճէի կատարողականի հաշուետւութեան քննարկումներու ժամանակ ըսած ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:
«Յուսամ՝ Ադրբեջանի բարձրագոյն իշխանութիւնը հենց այդ բառերով առաջիկայում հանդէս կը գայ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչմամբ: Այսինքն՝ Ադրբեջանը չի առարկում եւ պնդում է, որ ճանաչում է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, այս թուերի յիշատակումը յաւելեալ յստակեցման մեխանիզմ էր, սխեմա էր, եւ սա չի հերքուել Ադրբեջանի կողմից, բայց նաեւ հրապարակային հաստատման կարիք կայ»,- ըսած է նախարարը, ապա նկատած, որ հակառակ պարագային հայկական կողմը կը շարունակէ մտահոգութիւն ունենալ այն մասին, որ Ատրպէյճանն իր քաղաքականութեամբ տարածքային պահանջներ ունի կամ կը փորձէ ներկայացնել ՀՀ-ի նկատմամբ:
Ըստ նախարարի՝ Ատրպէյճանի տարածքային պահանջներու մասին կը վկայէ 2022 թուականի սեպտեմբերին տեղի ունեցած յարձակումը, ներխուժումը ՀՀ տարածք, եւ մինչ այդ տեղի ունեցած ներխուժումները, այդ շարքին՝ Տեղ գիւղի հատուածին մէջ միջադէպը: Եւ նմանատիպ միջադէպեր վերացնելու համար է, որ Հայաստանը շահագրգիռ է, որ օր առաջ սահմանազատման աշխատանք իրականացուի:
«Այո՛, իրատեսական չէ գուցէ սահմանազատման աշխատանքն ամբողջութեամբ արագ անել, բայց գոնէ պարամետրերը սահմանազատման աշխատանքի, հիմքերը, որքան հնարաւոր է առաւելագոյնս յստակ եւ աւելի քիչ մեկնաբանութիւնների տեղ թողնող ձեւակերպումներով՝ ահա այսպիսի պարամետրերի սահմանմանը հասնելը մեզ համար առաջնահերթ է»,-ըսած է նախարարը:
Վրաստանի հետ եւս Հայաստանն ունի սահմանի ճշդման անհրաժեշտութիւնը, սակայն քանի որ Հայաստանը Վրաստանի հետ ունի ջերմ, եղբայրական յարաբերութիւններ, եւ չկայ բախումի ծանրութիւնը, չկայ վտանգ միջադէպերու, իրար տարածք ներխուժման, ուստի Արարատ Միրզոյեանը կը կարծէ՝ վրացական կողմի հետ հնարաւոր է աւելի կառուցողական մթնոլորտի մէջ աշխատիլ: Իսկ Ատրպէյճանի հետ իրավիճակը լարուած է, քանի որ վերջին 3 տարուան մէջ ատրպէյճանական Զինուած ուժերը մի քանի անգամ ներխուժած է ՀՀ տարածք:
«Մենք ունենք մտահոգութիւններ, որ կանխամտածուած կերպով փորձ է արւում ՀՀ-ից նորանոր տարածքներ պոկել, մի դէպքում՝ փոքր, մի դէպքում՝ մեծ: Եւ մենք շահագրգռուած ենք, որ այդ սահմանագիծը որքան հնարաւոր է յստակ եւ որքան հնարաւոր է շուտ ֆիքսուի»,- ըսած է ան: