image

Անհանգիստ գիշեր Դամասկոսի մէջ. Իսրայէլ հարուածած է Սուրիոյ բանակի տասնեակ դիրքեր (Վիտէօ)

Անհանգիստ գիշեր Դամասկոսի մէջ. Իսրայէլ հարուածած է Սուրիոյ բանակի տասնեակ դիրքեր (Վիտէօ)

Իսրայէլեան բանակի կործանիչներ երէկ ուշ գիշեր հարուածած են Դամասկոսը։   

Այս մասին լուրը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» կայքը, նշելով, որ Իսրայէլ  թիրախ դարձուցած է Սուրիոյ  բանակի   տասնեակ  դիրքեր։

Թիրախ դարձած են նաեւ սուրիական բանակի զինուորական պահեստանոցներ  եւ մարտական խարիսխներ։

Մարդկային կորուստներու մասին մինչեւ այս պահը տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։