image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ արիւնալի օր. Զոհուած են ապահովական մարմնի հինգ զինուորականներ

Հալէպի մէջ  արիւնալի օր. Զոհուած են  ապահովական  մարմնի հինգ    զինուորականներ

 Հալէպի շուրջ    գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներ, այսօր հերթական  անգամ հրթիռարձակումներ կատարած են  խաղաղ  բնակչութեան շրջաններու վրայ։ Այս մասին      տեղեկութիւնը տրուած  է Հալէպի մասին լուրեր    տարածող դիմատետրի   էջէր։

 Կը նշուի նաեւ, որ   «Խալտիյէ» շրջանին  վրայ ինկած   հրթիռներ    պատճառած են մարդկային  կորուստներ եւ       զոհուած  են այդ  շրջանէն  անցնող   հինգ  զինուորականներ։

 Կը նշուի նաեւ, որ      կան  այլ  զոհեր, որոնց մէջ    նոյնպէս երեխաներ։

 

 «Արեւելք»ի ունեցած  տեղեկութիւններով   զոհերուն մէջ    հայեր չկան, որովհետեւ այդ շրջաններուն  մէջ  հայեր չեն բնակիր։