image

Պելճիքայի Մէջ Կիրակի Կայանալիք Ժողովրդական Ցոյցերը Չեղեալ Նկատուած Են

Պելճիքայի Մէջ Կիրակի Կայանալիք Ժողովրդական Ցոյցերը Չեղեալ Նկատուած Են

Պելճիքայի Ներքին գործոց նախարարութիւնը անվտանգութեան նկատառումներով որոշեց չեղեալ համարել վաղը՝ կիրակի 27 մարտին Պրիւքսէլի մէջ կայանալք բոլոր ժողովրդական երթերը: Նշենք որ վաղը կիրակի 27 մարտ 2016-ին, Պեճիքայի տարբեր քաղաքներուն եւ մասնաւորապէս մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենային հակաահաբեկչական երթեր: Յիշեցնենք նաեւ, որ անցնող երեքշաբթի  22 մարտ 2016-ին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլին մէջ որոտացած էին երեք պայթումներ, որոնց հետեւանքով զոհուած էին 34 անձեր եւ արձանագրուած շուրջ 200 վիրաւորներ:

Այդ սեւ երեքշաբթիէն ասդին, եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներ եւ մասնաւորապէս Պրիւքսէլը կը գտնուին ահաբեկչական լուրջ սպառնալիքներու տակ: