image

Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Լիբանանի ռուսական մշակութային կեդրոնէն ներս

Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Լիբանանի ռուսական մշակութային կեդրոնէն ներս

Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան մշակութային կեդրոնին կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի՝ 15 յունուարին, տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Նկատի ունենալով, որ 2018 տարին կը զուգադիպի ծովանկարիչին ծննդեան 200-ամեակին, ռուսական մշակութային կեդրոնը ձեռնարկած է այս աշխատանքին` դիմելով միութիւններու, արուեստագէտներու, աշակերտներու, որպէսզի ծով գծեն: Այսպիսով, կեդրոնը կը նպատակադրէ նոր սերունդին ծանօթացնել Այվազովսքին եւ քաջալերել ծովանկարչութիւնը:

 

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Յակոբ Հանտեան ելոյթ ունենալով, յատուկ առիթ նկատած է Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպումը եւ շեշտած, որ անիկա հպարտանք է թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ ռուս ժողովուրդին:

Աւարտին մասնակիցներուն վկայագիրներ յանձնուած են: