image

Բրիտանացի նախարար. Թուրքիան մեզի համար անփոխարինելի գործընկեր է

Բրիտանացի նախարար. Թուրքիան  մեզի համար անփոխարինելի գործընկեր է

Մեծ Բրիտանիոյ եւրահարցերով պետական նախարար Ալան Տունկանը 15-17 Օգոստոս Թուրքիոյ մէջ է։ Այցելութենէն առաջ, լրատուամիջոցներուն անդրադառնալով թուրք-բրիտանական յարաբերութիւններուն, շեշտած է, որ Թուրքիան Մեծ Բրիտանիոյ համար շատ լաւ գործընկեր է։ Ան խստօրէն դատապարտած է 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձը։ Ան նշած է.« Բրիտանիան, որպէս բարեկամ երկիր,  միշտ պատրաստ է աջակցելու Թուրքիոյ ջանքերուն՝ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու համար»։ Տունկան նաեւ հաստատած է, որ Թուրքիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ համագործակցութիւնը անվտանգութեան, առեւտուրի եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներու մէջ օգտակար է երկու երկիրներուն համար։