image

Եւգենի Եւտուշէնքօն 85 տարեկանին մահացած է ԱՄՆ-ի մէջ

Եւգենի Եւտուշէնքօն 85 տարեկանին մահացած է ԱՄՆ-ի մէջ

Բանաստեղծ Եւգենի Եւտուշէնքօն 85 տարեկանին մահացեր է ԱՄՆ-ի մէջ: ԹԱՍՍ-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է անոր մտերիմ ընկեր Միխայիլ Մորկուլիսը: «Հինգ վայրկեան առաջ Եւգենի Ալեքսանտրովիչը յաւերժութեան գնաց»,- ըսած է ան:


Բանաստեղծը, իր վերջին ցանկութեան համաձայն, պիտի յուղարկաւորուի Փերետելկինոյի մէջ:

31 Մարտին ան ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոց տեղափոխուած էր: Անոր կինը՝ Մարիա Նովիկովան, հրաժարած է մանրամասներ հրապարակելէ:

 

Եւտուշէնքօ ծնած է 18 յուլիս 1932-ին: Ան իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրապարակած է 1949 թուականին: Երեք տարի անց լոյս տեսած է անոր առաջին՝ «Ապագայի հետախոյզները» ժողովածուն: Այդ ժամանակ ալ ան դարձած է ԽՍՀՄ Գրողներու միութեան ամենաերիտասարդ անդամը: Ան 1991 թուականէն ԱՄՆ կը բնակէր: