image

Աշխարհի մէջ աղքատութիւնը կ՚աճի ....Պիլ Կէյցի ամենամեայ զեկոյցը

Աշխարհի մէջ աղքատութիւնը կ՚աճի ....Պիլ Կէյցի ամենամեայ զեկոյցը

Տասնամեակներ շարունակ մարդիկ ամբողջ աշխարհին մէջ աւելի հարուստ եւ աւելի առողջ կը դառնային, սակայն 2020 թուականի վարակիչ հիւանդութեան համաշխարհային բռնկումը մեծապէս ազդած է ինչպէս մարդոց դրամապանակի, այնպէս ալ հաւաքական առողջութեան վրայ:

Ինչպէս կը փոխանցէ Business Insider-ը, նման վերլուծութիւն ներկայացուցած է Microsoft ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյցը՝ նշելով, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակը աւելի կը խորացնէ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ առկայ անդունդը:

«Այս տարին տարբեր է, եզակի: «Քովիտ-19»-ի համավարակը ոչ միայն կանգնեցուցած է առաջընթացը, այլեւ այն ետ մղած է»,- ըսած է գործարարը «Պիլ եւ Մելինտա Կէյց հիմնադրամի» 2020-ի զեկոյցի շրջածիրէն ներս, որ 2017 թուականէն ի վեր կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհի մէջ ամենամեայ զարգացման ընթացքը աղքատութեան, առողջութեան եւ բարեկեցութեան ոլորտներուն մէջ: 

Անոր խօսքով՝ այս տարի տեղի ունեցած փոփոխութիւններն աննախադէպ են վերջին 20 տարուան պատմութեան մէջ:

Նշուած է, որ վերջին անգամ այսքան մեծ թիւով երկիրներ անկում ապրած են 1870 թուականին: Համաշխարհային դրամատան գնահատմամբ՝ 1998 թուականէն ի վեր առաջին անգամ աղքատութեան մակարդակը կտրուկ պիտի բարձրանայ ամբողջ աշխարհի մէջ, քանի որ համաշխարհային տնտեսութիւնը անկման եւ յետընթացի շրջափուլ թեւակոխած է:

Աղքատութեան համաշխարհային մակարդակը պիտի աճի վերջին 20 տարուան մէջ առաջին անգամ: «Եւս 37 միլիոն մարդ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ պիտի գտնուի»,- նշած է Պիլ Կէյցը: 

Բացի այդ, անոր խօսքով՝ 25 տարուան առաջխաղացումը պատուաստանիւթերու հարցով ջնջուած է 25 շաբթուան ընթացքին: Համավարակի պատճառով շատ աւելի մեծ թիւով երեխաներ չեն ստացած իրենց համար անհրաժեշտ պատուաստումները: