Յունուար 2025-ին լոյս տեսաւ ՀՀ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (ԱՀԾ) առաջին տարեկան զեկոյցը։ Սոյն ծառայութիւնը հիմնադրուած է 4 Հոկտեմբեր 2023-ին. պետականաշինութեան էական անկիւնաքար մը, որուն առաքելութիւնն է «պետութեան ու հասարակութեան սպառնացող արտաքին վտանգներու կանխատեսումը, կանխարգիլումը, հակազդումն ու պաշտպանութիւնը եւ քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն վստահելի, արժանահաւատ եւ կիրարկելի հետախուզական տեղեկութիւններու տրամադրումը»։
Մինչեւ ԱՀԾ-ի հիմնադրութիւնը, Հայաստան կախեալ էր Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի հետախուզական ծառայութիւններէն, ինչ որ 2020-ի պատերազմին շատ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ Հայկական բանակին համար։ Գերագոյն հրամանատարութիւնը անտեղեակ ըլլալով Ալիեւի յարձակումի պատրաստութենէն, հայկական կողմը մեծ կորուստներ ունեցաւ յարձակումի առաջին ժամերուն։
Միջազգային քաղաքականութիւնը երթալով աւելի անկայուն դարձաւ, գիտութեան յառաջխաղացքը, արհեստագիտութիւնն ու տեղեկատուական նորարար զէնքերը ստեղծեցին նոր տեսակի վտանգներ։
Այս մասին զեկոյցը կը նշէ. «Պետութիւններու ու հասարակութիւններու սպառնացող վտանգներն ու ռիսկերը աւելի ու աւելի բարդ, բազմաշերտ ու հիբրիդային դարձան»։
Յարգելով կարգ մը տեղեկութիւններ գաղտնի պահելու անհրաժեշտութիւնը, զեկոյցը կը բաղկանայ ներածականէ ու չորս մասերէ, ուր նշուած են պետութեան սպառնացող գլխաւոր վտանգները՝ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական ու միջազգային ահաբեկչական։
Ներածութիւնը կը նշէ 2024-ին ԱՄՆ-էն մինչեւ Եւրոպա, Ռուսաստանէն՝ Հնդկաստան, տեղի ունեցած ընտրութիւնները որոնք ընդգրկած են աւելի քան 4 միլիառ հոգի, որոնց արդիւնքները փոխակերպած են միջազգային միջավայրը եւ պատճառ դարձած են աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու եւ անորոշութիւններու ծաւալման։
2023-2024 ժամանակաշրջանին նկատելի է պետութիւններու ու անոնց ղեկավարներու՝ խնդիրները քաղաքական եւ տնտեսական միջոցներով լուծելու փոխարէն ռազմական լուծումներ ընտրելու կողմնորոշումը։ Յատկապէս մղուած են պատերազմներ հիմնուելով «պատմական ճշմարտութիւններու» մասին խօսոյթներու վրայ, կամ պատճառաբանելով երկրի անվտանգութիւնը։ Կ՚ըսուի թէ 2025-ին պիտի շարունակուի այս միտումը։ Ռազմական գործողութիւնները աւելի յաճախ պիտի ներգրաւեն միջնորդ, ոչ-պետական դերակատարներ։ Կը նշուի նաեւ որ պաշտպանութիւնը պիտի դառնայ աւելի սուղ, քան յարձակումը։
Ռազմաքաղաքական վտանգներու քննարկման մէջ Անվտանգութեան ծառայութիւնը Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի վրայ լայնածաւալ ռազմական յարձակման հաւանականութիւնը բարձր չի գնահատեր։ Այսուհանդերձ, կը նկատէ, որ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ տարբեր վնասակար խօսոյթներու հետեւողական զարգացումը եւ գանձատրումը՝ Հայաստանի դէմ ուժի կիրարկման մտադրութեան «օրինականացման» դրսեւորումն է։ Այդ խօսոյթներէն են այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ը, «Հայաստանի ռազմականացում»-ը, «ռեւանշիզմ»-ը, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը։ Կը նշուի նաեւ որ Ալիեւ պիտի շարունակէ աւելի շարժունակ ստորաբաժանումներու պատրաստութիւնը, նոր սպառազինութեան ձեռքբերումը, քաղաքական ու ռազմական ճնշում բանեցնելու համար։
Կը նշուի նաեւ որ ի հեճուկս հիմնադիր պայմանագրային կարգաւորումներուն՝ ՀԱՊԿ պիտի շարունակէ մնալ անազդեցիկ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Կը խօսուի նաեւ Հայաստանի «կրիտիկական» (ռազմավարակա՞ն) ենթակառոյցներու ապահովութեան մասին. երկրին համար կը շարունակէ մնալ լուրջ մարտահրաւէր անոնց պաշտպանութիւնը կիբերյարձակումներու դէմ, որոնք կրնան ունենալ տնտեսական, քաղաքական, հոգեբանական ու տեղեկատուական վնասակար ազդեցութիւն։
Տնտեսական վտանգներու գլուխին տակ կը նշուի, թէ 2025 թուականը նախընտրական տարի ըլլալով Հայաստանի տնտեսական եւ հաղորդակցական միջոցներու կախուածութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի օգտագործուի որպէս արտաքին քաղաքական ազդեցութեան գործիք։
Ինչ կը վերաբերի տեղեկատուական վտանգներուն, այս բնագաւառին նորարարութիւնները կը ստեղծեն հնարաւորութիւններ՝ ներքաղաքական կեանքին միջամտելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գործողութիւնները կողմնորոշելու։
ԱՀԾ-ի գնահատականով՝ 2025-ին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ տեղեկատուական գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան ներքին անկայունութեան առաջացման եւ հասարակութեան բեւեռացման։
* * *
Ուշագրաւ ու մեծապէս ողջունելի է անցեալ երկու տարիներու ընթացքին կիներու կառավարական ու պետական բարձր պաշտօններու նշանակման երեւոյթը։ ԱՀԾ-ն կը ղեկավարէ Քրիստինէ Գրիգորեան. յիշենք բարձրաստիճան պաշտօններ վարող միւս կիներն ալ. Հայաստանի գլխաւոր դատախազ՝ Աննա Վարդապետեան, Մարդկային իրաւանց պաշտպան՝ Անահիտ Մանասեան, Կրթութեան գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար՝ Ժաննա Անդրէասեան, Արդարադատութեան նախարար՝ Սրբուհի Գալեան, Ներքին գործոց նախարար՝ Արփինէ Սարգսեան։
Ժ.Չ