image

Փութին-Ալիեւ հեռախօսային քննարկում. Թեման սահմանի ընդհանուր իրավիճակն է

Փութին-Ալիեւ հեռախօսային քննարկում. Թեման սահմանի ընդհանուր իրավիճակն է

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Քրեմլի փոխանցմամբ՝ զրոյցը կայացած է ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ՝ քննարկելով յուլիսին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին իրավիճակի սրումը: Ռուսական կողմն ընդգծած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ նպաստել լարուածութեան սրման:

Ալիեւը շնորհաւորած է  Փութինը «Քորոնա» ժահրի դէմ ռուսական պատուաստանիւթի գրանցման առթիւ:

Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը նաեւ յայտնած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի թեմաներ եւ «հաստատած են բոլոր ոլորտներուն մէջ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը»: