image

Ողբերգական արկած Սիւնիքի մէջ. Զոհուած են ընտանիքի 4 անդամները

Ողբերգական արկած Սիւնիքի մէջ. Զոհուած են ընտանիքի 4 անդամները

9 օգոստոսին, ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ, ընտանիքի 4 անդամներ մահացած են: Այս մասին կը յայտնէ SHAMSHYSN.com-ը:

Ժամը 16:00-ի սահմաններուն Երեւան-Երասխ-Մեղրի ճանապարհին բախած են Toyota մակնիշի եւ MAN մակնիշի բեռնատար մեքենաները:

Վթարի հետեւանքով 4 հոգի տեղուոյն վրայ մահացած են:

Դէպքի վայր ժամանած են Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Սիւնիքի մարզային  ջոկատը: Մահացածներու դիկաները մեքենաներէն դուրս բերած են փրկարարները՝ քաղաքացիներու օգնութեամբ:

Փաստի առթիւ քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի 3-րդ մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ: Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն վարորդներու եւ մահացածներու ինքնութիւնը: