image

«Յուլիսը կը մտնէ պատմութեան մէջ». Արծրուն Յովհաննիսեան խօսեցաւ Հայկական ԱԹՍ-ներուն մասին Առաջին անգամ ըլլալով

«Յուլիսը կը մտնէ պատմութեան մէջ». Արծրուն Յովհաննիսեան խօսեցաւ Հայկական ԱԹՍ-ներուն մասին Առաջին անգամ ըլլալով

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարաշտապային ֆակուլտետի պետ, Պաշտպանութեան Նախարարութեան նախկին խօսնակ՝  Արծրուն Յովհաննիսեան վստահ է, որ 13 յուլիսը կը մտնէ պատմութեան մէջ, որպէս հայկական արտադրութեան մարտական ԱԹՍ-ներու (Անօդաչու Թռչող Սարք) մարտական կիրառութեան օր:

«Առաջին անգամ հայկական մարտական ԱԹՍ-ները կիրառուեցան պատերազմի ժամանակ՝ մարտական պայմաններու մէջ եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին: Կարծես անոնց հարուածին զոհ դարձած են բարձրաստիճան զինուորականներ»,– Facebook—ի իր էջին վրայ գրած է Յովհաննիսեան: