image

Զինեալ միջադէպ Պէյրութի Նահմէ շրջանին մէջ. Բանակը ստիպուած եղած է օդը կրակել

Զինեալ  միջադէպ  Պէյրութի  Նահմէ շրջանին  մէջ.  Բանակը  ստիպուած  եղած  է օդը   կրակել

 Այս առաւօտ   զինեալ   միջադէպ մը գրանցուած է  Պէյրութի  «Ալ Նահմէ»     շրջանին   մէջ։

 

 Այս  մասին հաղորդեց «Էլ Նաշրա»  կայքը  հաղորդելով նաեւ,  որ  երբ  բանակի ուժեր կը փորձէին    վերաբանալ   ցուցարաներու կողմէ փակուած    «Ալ Նահմէ»  շրջանի   մայրուղին,  խումբ  մը ցուցարարներ  քարեր  նետած են բանակի   միաւորներու վրայ, որուն հետեւանքով ալ     գրանցուած են վիրաւորներ։

 Ապա   ցուցարարներէն  մին     կրակած է, որմէ ետք ալ   բանակը ստիպուած  եղած է    օդը  կրակել ցրուելու համար  ցուցարարները։

 

 Ներկայիս  իրավիճակը   վերհսկողութեան  տակ  եւ  բանակը  վերաբացած է «Ալ Նահմէ»  շրջանի  ճանապարհը։