image

Տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը մեծապէս կախուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարներէն. ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար

Տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը մեծապէս կախուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարներէն. ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար

Տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը մեծապէս կախուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարներէն. այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովը։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «Պաքուն սեփական ուժերն ունի Ղարաբաղի մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու համար»։

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու առկայութեան, ապա ներկայիս այդ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքն է, որ ունի իր ուժերը՝ անվտանգութիւնն ապահովելու համար, եւ ակնյայտ է, որ այդ հարցը միակողմանի չի լուծուիր։ Կը կարծեմ, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը մեծապէս կախուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարներէն»,- նշած է ան՝ մեկնաբանելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերումը բռնագրաւուած Արցախէն։

Ապրիլ 17-ին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաքիեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը որոշում կայացուցած են ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վաղաժամկէտ դուրսբերման մասին։ Ան նշած է, որ երկու երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնները համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկեն այս որոշումը կեանքի կոչելու համար։

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբն Արցախի մէջ տեղակայուած է՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու կողմէ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յայտարարութեան համաձայն։