Յառաջիկայ օրերուն ինչպէս աշխարհի բոլոր ծագերուն, այնպէս ալ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչող միջոցառումներ։
Ուշագրաւ է, որ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք միջոցառումներուն հովանաւորութիւնը կը կրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ ինչ որ առումներով ձեռնարկներուն պիտի տայ համահայկական շունչ մը։
Պէյրութի մէջ ի հարկէ նորութիւն մը չէ հաւաքական ոգիով այդ կարեւոր օրը ոգեկոչելու տրամադրուածութիւնը, սակայն այս ժամանակներուն համագաղութային հաւաքական արտայայտութիւնը ցոլացնելը կը համարուի բոլոր առումներով առաջնային։
Ստորեւ տեղի ունենալիք միջոցառումներուն ցուցակն ու անոնց ժամանակագրական կարգը։
– Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, Ժիպէյլ:
– Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Նիւթ` «Ցեղասպանութեան հռչակագիրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագիրի հրամայականներուն պատասխանել»:
– Շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովի բացումը: Նիւթ` «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան»:
– Կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղէ:
– Երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2024-ին, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հանդիպում:
– Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2024-ին, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւի (ժամը 19:00-ին) աւարտին, ժողովրդային հաւաք տեղի պիտի ունենայ մայրավանքի շրջափակին մէջ` ժամը 21:00-ին:
– Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, եւ ապա Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական կարգ պիտի կատարուի` մայրավանքի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ: