image

Պատերազմները խնդիրները ծածկելու համար լաւագոյն առիթներ կը ստեղծեն. Կարօ Փայլան

Պատերազմները խնդիրները ծածկելու համար լաւագոյն առիթներ կը ստեղծեն. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ գործազրկութեան խնդրին: Իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ Փայլան մասնաւորապէս գրած է, որ գործազրկութեան մակարդակը հասած է 13,9%-ի:

«Երիտասարդութեան շրջանին գործազրկութիւնը հասած է մրցանշային 27,1% ցուցանիշի: 8 միլիոն քաղաքացի գործազուրկ է: Սա կը նշանակէ, որ ամէն տան մէջ կայ գոնէ 1 գործազուրկ: Իշխանութիւնը աջ ու ձախ յարձակումներ կը գործէ, որպէսզի թաքցնէ ծանր ճշմարտութիւնը: Եկէք վերջ տանք պատերազմին: Եկէք մեր միջոցները ծախսենք գործազրկութեան խնդիրը լուծելու վրայ»,- գրած է ան:

Կարօ Փայլանը դէմ արտայայտուած է Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն՝ իշխանութիւնը մեղադրելով պատերազմ սկսելու համար: