Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հետապնդեն հեղինակները եւ հրատարակիչները. կառավարութեան կողմէ վերջին 3 տարիներուն հարիւր հազարաւոր գիրքեր ոչնչացնելու հաղորդագրութիւններ եղած են: Այս մասին կը հաղորդէ Ahval-ը՝ յղում ընելով Media Line-ին:
Մեհմետ Սապունքուի եւ Kaynak հրատարակչութեան դէմ մեղադրանքներու պատճառ դարձած է նոր գիրքը, որուն մէջ կը խօսուի Օսմանեան կայսրութեան շրջանին մանկապղծութեան տարածուածութեան մասին:
«Նման սպառնալիքները արդարացի չեն: Այն վատ է ինչպէս հրատարակիչի համար, այնպէս ալ խօսքի ազատութեան տեսանկիւնէն»,- ըսած է ան:
Մայիսին գիրքի հեղինակն ու իր հրատարակիչը ձերբակալուած էին այն բանէն ետք, երբ հեղինակի վէպէն հատուածներ հրապարակուած էին ընկերային ցանցերու մէջ եւ վրդովմունք առաջացուցած՝ կապուած երեխաներու նկատմամբ սեռական բռնութեան նկարագրութեան հետ:
Սապունքուն ըսած է, որ այսօր հրատարակիչներու դէմ դատական գործերը այնքան տարածուած են, որ անոնց փաստաբանները հրատարակումէն առաջ բոլոր գիրքերը կը ստուգեն: Թուրքիոյ մէջ շարք մը հրատարակութիւններ սկսած են ինքնագրաքննութեան՝ իշխանութիւններու հետ խնդիրներէն խուսափելու համար: Սապունքուի խօսքով՝ ինքը պիտի շարունակէ հրապարակել այն, ինչ կ'ուզէ:
2016-ին ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւնները թիրախաւորեցին ոչ միայն մարդոց, այլ նաեւ գիրքերը:
Օգոստոսին Թուրքիոյ կրթութեան նախարարը յայտարարեց, որ յեղաշրջման փորձէն ետք իշխանութիւնները աւելի քան 300 000 գիրք ոչնչացուցած են՝ կապուած Կիւլէնի շարժման հետ:
«Արգիլուած են ոչ միայն գիրքերը. կառավարութեան դէմ ցանկացած քննադատութիւն արգիլուած է՝ թէ՛ թերթերու, թէ՛ համացանցի մէջ»,- ըսած է Cumhuriyet-ի վերլուծաբան Զէյնեպ Օրալը: